ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Նոյեմբեր 29, 2010 Տպագրում

Արտգործ նախարար Մարկոս Կիպրիանու Լոնտոնի Մէջ

Արտգործ նախարար Մարկոս Կիպրիանու Լոնտոնի Մէջ

Լոնտոնի մէջ, Բրիտանիոյ Խորհրդարանի Կիպրոսի Բարեկամ Խմբակի կազմակերպած հաւաքի ընթացքին արտգործ նախարար Մարկոս Կիպրիանու վերահաստատեց, թէ կիպրայունական կողմը դէմ է արուեստական ժամկէտներու։

«Թուրքիա այսօր ժամկէտներ կը պահանջէ, սակայն հարցը այն է, թէ այս ժամկէտներուն միջեւ ի՞նչ պիտի կատարուի», ըսաւ Պրն. Կիպրիանու իր բացման խօսքին մէջ։

Կիպրոսի արտգործ նախարարը բանակցութիւններու մինչեւ օրս ընթացքին պատկերացումը ներկայացուց ընդգծելու համար, որ կիպրայունական կողմը ոեւէ մէկէն աւելի կ'ուզէ գործընթացը իր յաջող լրումին յանգեցնել, որուն նախապայմանը Թուրքիոյ դրական ներդրումը պէտք է ըլլայ։

Պրն. Կիպրիանու յատկապէս ծանրացաւ նախագահ Խրիսթոֆիասի եռեակ առաջարկին նշելով, որ որոշ հարցերու իրար շաղկապումը, ինչպէս՝ սեփականատիրութեան, տարածքայինի եւ գաղթարարներու, ինչպէս նաեւ Ֆամակուսթայի վերաբերեալ առաջարկները՝ ուղղակի առեւտուրի հարցին հետ, կրնան օգտակար հանդիսանալ, առանց անշուշտ նսեմացնելու Կիպրոսի Հնարապետութեան գերիշխանութիւնը։

Անդրադառնալով Թուրքիոյ Եւրոպայի անդամակցոքւթեա հարցին, նախարար Կիպրիանու շեշտեց. «Մենք եւրոպական Թուրքիա մը կ'ուզենք եւ ոչ Եւրոպայի մէջ պարզապէս Թուրքիոյ ներկայութիւնը»։

«« վերադարձ ««