Դեկտեմբեր 11, 2010

«« վերադարձ ««
Կառավարութիւնը Վստահ՝ Թէ Տնտեսութիւնը Առողջացնելու Գրաւը Պիտի Շահի

Կառավարական բանբեր Ստեֆանոս Ստեֆանու վստահութիւն յայտնեց, թէ կառավարութիւնը տնտեսութիւնը առողջացնելու գրաւը պիտի շահի։
Ան նշեց, թէ կառավարութեան տնտեսական փաթէթը կը բաւարարէ կիպրոսի տնտեսութեան պահանջներն ու մարտահրաւէրները երկու մակարդակներու վրայ։ Առաջին՝ տնտեսութեան եւ հանրութեան պահանջներն ու մարտահրաւէրները կը դիմագրաւէ, երկրորդ՝ կը համապատասխանէ ներկայ օրերու՝ տնտեսութեան առողջացման եւ տարիներէ ի վեր կուտակուած խնդիրներէն ձերբազատուելու պահանջին։
Պրն. Ստեֆանու ընդգծեց, թէ կառավարութիւնը թոյլ պիտի չտայ աշխատաւորներու եկամուտներուն նուազումը նշելով նաեւ, թէ այլ երկիրներու բաղդտամամբ, Կիպրոսի աշխատաւորները նուազագոյնս ազդուեցան տնտեսական տագնապէն, շնորհիւ կառավարութեան ժողովրդամէտ քաղաքականութեան։


