Share
Յունուար 28, 2010 Տպագրում

Կիպրիանու, Անասթասիատիս Պան Քի Մունի այցելութեան մասին

Կիպրիանու, Անասթասիատիս Պան Քի Մունի այցելութեան մասին

Կառավարական ԱՔԷԼ կուսակցութեան Ընդհանուր Քարտուղար Անտրոս Կիպրիանուի գնահատումով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի այցելութեան համար մտահոգուելու պատճառ չկայ եւ անոր գալ-չգալուն հաւանական

պատճառներու քննարկումը որեւէ նպա-տակի չի ծառայեր։

Պրն. Կիպրիանու նշեց, թէ կիպրական հարցի գործընթացը Միացեալ Ազգերու հովանաւորութեան տակ կ'ընթանայ, հետեւաբար Ընդհանուր Քարտուղարը կրնայ Կիպրոս գալ երբ որ փափաքի եւ իր ներկայութիւնը ողջունելի է։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ Պրն. Մուն ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն ճշդած սահմաններէն դուրս պիտի չելլէ։

Պրն. Կիպրիանու ըսաւ նաեւ, թէ բացայայտ է որ այս գործընթացին կապակցութեամբ ո՛չ ժամկէտներ, ո՛չ միջնորդութիւններ, ո՛չ ալ միջանկեալ համաձայնութիւններ գոյութիւն ունին։

Ընդիմադիր ՏԻՍԻ կուսակցութեան նախագահ Նիկոս Անասթասիատիս յայտարարեց, թէ եթէ սկզբունքով ողջունելի կը գտնենք կիպրական հարցին նկատմամբ բարին կամեցող ոեւէ անձի ներկայութիւնը, եւ եթէ նկատի առնենք, թէ անոնց ներկայութիւնը կրնայ նոյնիսկ փոքր օժանդակութիւն մը ընծայել բանակցութիւններուն, այն ատեն Ընդհանուր Քարտուղարի այցելութեան համար մտահոգուելու պատճառ չկայ։

Հարցումի մը պատասխանելով, Պրն. Անասթասիատիս նշեց, որ տարբեր բան է ըսել՝ թէ հարցի մը շուրջ համախոհութիւն կայ, տարբեր՝ այդ մասին համաձայնութիւն կնքել. հետեւաբար, ըսաւ ան, նկատի ունենալով նաեւ, որ ոչինչ համաձայնուած է եթէ ամէն ինչ համաձայնուած չէ, մտահոգուելու պատճառ չունինք։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker