Add to Google
Օգոստոս 2010
Share
Փետրուար 10, 2010 Տպագրում

Արտագործ նախարար Կիպրիանուի կարծիքով Թուրքիա պէտք է լրջօրէն մտածէ Եւրոպայի անդամակցութեան գործընթացին մասին

Արտագործ նախարար Կիպրիանուի կարծիքով Թուրքիա պէտք է լրջօրէն մտածէ Եւրոպայի անդամակցութեան գործընթացին մասին

Արտգործ նախարար Մարկոս Կիպրիանուի կարծիքով Թուրքիա պէտք է լրջօրէն մտածելու սկսի Եւրոպական անդամակցութեան գործընթացին մասին, քանի մինչեւ տարեվերջ կարելի պիտի չըլլայ յառաջանալ՝ բանակցութիւններու սառեցուած գլուխներուն պատճառով։

Նիկոսիոյ մէջ կլոր սեղանի մը առթիւ արտայայտուելով, Պրն. Կիպրիանու ըսաւ, թէ «այն իրողութիւնը, որ Կիպրոսին առընչուող իր պարտաւորութիւնները Թուրքիա ի՛նք կապելով կիպրական հարցին, ինքնաբերաբար ճնշումի ենթակայ կը դարձնէ ինքզինքը, քանի իրմէ կախեալ է մէկուն կամ միւսին յառաջընթացը։ Իսկ եթէ ոչ մէկը, ոչ ալ միւսը յառաջանայ, շուտով անելի առջեւ պիտի գտնուինք»։

Պրն. Կիպրիանու վերահաստատեց Կիպրոսի զօրակցութիւնը Թուրքիոյ Եւրոպայի անդամակցութեան, բայց ոչ՝ առանց պայմաններու, աւելցնելով, որ Եւրոպայ մտնելու Թուրքիոյ ցանկութիւնը կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ կիպրական հարցին վրայ։

Արտգործ նախարարը նշեց նաեւ, թէ կիպրական հարցին լուծումը պէտք է համահունչ ըլլայ ոչ միայն Միացեալ Ազգերու բանաձեւերուն, այլ նաեւ՝ Եւրոպական Միութեան սկզբունքներուն, քանի Կիպրոսի Դաշնակցային Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ անդամ ըլլալ Եւրոպական Միութեան։

Վերջաւորութեան Պրն. Կիպրիանու խօսեցաւ Անքարայի քաղաքականութեան մէջ նշմարուող փոփոխութեան մասին նշելով, որ Էրտողանի ներկայ գիծը՝ թէ կիպրական հարց գոյութիւն ունի եւ պէտք է լուծուի, կը տարբերի Էճէվիթի գիծէն՝ թէ կիպրական հարցը լուծուեցաւ 1974-ին։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker