Եորղոս Փափանտրէու. «Այնքան Ատեն, Որ Թրքական Բանակը Կիպրոս Կը Գտնուի, Յարաբերութիւնները Չեն Կրնար Լրիւ Բնականոն Դառնալ»
Թուրքիոյ «Թուտէյզ Զաման» թերթի այսօր հրապարակած հարցազրոյցին մէջ, Յունաստանի վարչապետ Եորղոս Փափանտրէու յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան տակ գտնուող՝ Կիպրական հարցի ուղղակի բանակցութիւնները կիպրական ինքնութիւն ունին եւ կիպրացիներու կողմէ առաջադրուած լուծում կը հետապնդեն, հիմնուած՝ Ապահովութեան Խորհուրդի բանաձեւերուն եւ կղզիի ղեկավարներուն գոյացուցած համաձայնութեան վրայ, միեւնոյն ատեն յարգելով Եւրոպական Միութեան սկզբունքներն ու արժէքները։
Ան շեշտած է նաեւ, թէ նախագահ Խրիսթոֆիասի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին կիպրաթուրք նոր ղեկավար Տէրվիշ Էրողլու պարտի յարգել բանակցութիւններուն ընդունուած ձեւաչափն ու մինչեւ օրս համաձայնուած կէտերը։
Յոյն-թուրք յարաբերութիւններուն անդրադառնալով, Պրն. Փափանտրէու անգամ մը եւս հաստատեց, թէ այնքան ատեն, որ թրքական բանակը Կիպրոս կը գտնուի եւ կը շարունակուին Եգէականի շուրջ սպառնալիքները, երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները երբէք չեն կրնար լրիւ բնականոն դառնալ։
«« վերադարձ ««



