Share
Յունիս 08, 2010 Տպագրում

Կիպրոսի Մէջ Պենետիկտոս ԺԶ. Պապը Այցելեց Մարոնիներու Դպրոցը

Կիպրոսի Մէջ Պենետիկտոս ԺԶ. Պապը Այցելեց Մարոնիներու Դպրոցը

Կիպրոս տուած պապական իր այցելութեան ծիրին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը այցելեց Կիպրոսի մարոնիներուն դպրոցը, ուր ան ընդունուեցաւ մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին կողմէ, որ համբուրեց պապին աջը՝ իբրեւ նշան յարգանքի եւ անոր հանգամանքին նկատմամբ ակնածանքի։

Այս առիթով կազմակերպուած հանդիսութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերաւ պատրիարքը, իսկ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը կոչ ուղղեց քրիստոնեաներուն միջեւ երկխօսութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութիւններու սերտացման։

Մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը իր արտասանած խօսքին մէջ քրիստոնեաներուն կոչ ուղղեց համախմբուելու եւ մէկ ուժ դառնալու, միասին գործելու, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութեան արժանանան եւ յաջողին դիմագրաւել իրենց դէմ ցցուող բոլոր մարտահրաւէրները։

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան յայտնեց, որ պապին Կիպրոս տուած այցելութիւնը շատ կարեւոր բնոյթ եւ խորք ունի յատկապէս քրիստոնեաներուն համար։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker