Add to Google
Օգոստոս 2010
Share
Յունուար 30, 2010 Տպագրում

Բանակցութիւններու կառավարման ոլորտէն ներս որոշ համախոհութիւն գոյացած

Բանակցութիւններու կառավարման ոլորտէն ներս որոշ համախոհութիւն գոյացած

Կառավարման եւ իշխանութիւններու բաժանման ոլորտներէն ներս Նշանակալի յառաջդիմութիւն արձանագրուեցաւ երկու համայնք-ներու ղեկավարներու ուրբաթ օրուայ բանակցութիւններուն, երբ լրումին հասաւ արագացուած փուլի հանգրուանը։

Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Խորհրդական Ալեքսանտըր Տաունըրի յայտարարութեան համաձայն, նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս եւ կիպրաթուրք ղեկավար Մեհմէտ Ալի Թալաթ իրմէ խնդրեցին իրենց կողմէ յայտարարել, թէ «Նշանակալի յառաջդիմու-թիւն արձանագրուած է կառավարման ոլորտի շարք մը հարցերու կապակցութեամբ, եւ թէ հանդիպումէն մեկնած եր դրական տրա-մադրութեամբ»։

Պրն. Տաունըր նշեց, թէ յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի յայտարարուին Ընդհանուր Քարտուղարի եւ երկու ղեկավարներու հանդիպումէն ետք, երկուշաբթի կէսօրէ ետք. «Ղեկավարները աւե-լի շատ ըսելիքներ պիտի ունենան երկուշաբթի օր», յայտնեց ան։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker