Share
Մարտ 20, 2010 Տպագրում

Նախագահ Սարգսեան Միացեալ Նահանգներ կը մեկնի

Նախագահ Սարգսեան Միացեալ Նահանգներ կը մեկնի

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հրաւէրով՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 12-13 ապրիլին պիտի մեկնի Ուաշինկթըն, ուր պիտի մասնակցի հիւլէական ուժանիւթի հարցերուն նուիրուած վեհաժողովին։

«Երբ այցելութիւնը նախապատրաստուի եւ տեղի ունենայ, այն ժամանակ պիտի խօսինք արդիւնքներուն մասին», ըսաւ Նալբանդեան։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նոյնպէս հրաւիրուած է այս վեհաժողովին, սակայն առայժմ պաշտօնական Անգարա որեւէ պատասխան չէ տուած հրաւէրը ընդունելու կամ մերժելու առնչութեամբ։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker