ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Դեկտեմբեր 15, 2010 Տպագրում

Ապահովութեան Խորհուրդը Վեց Ամիսով Երկարաձգեց Խաղաղապահ Ուժերու Ներկայութիւնը

Ապահովութեան Խորհուրդը Վեց Ամիսով Երկարաձգեց Խաղաղապահ Ուժերու Ներկայութիւնը

14 թեր եւ Թուրքիոյ 1 դէմ քուէով Ապահովութեան Խորհուրդը երէկ վաւերացուց թիւ 19-53 բանաձեւը, որով 6 ամիսով կ'երկարաձգուի Կիպրոսի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը։

Քուէարկուած բանաձեւին մէջ ներառուած են բոլոր նախկին բանաձեւերը, ներառեալ նաեւ 12-51 բանաձեւը, որ կը սահմանէր առաջադրուած դաշնակցային լուծումը։

Նշաուած է նաեւ, թէ ներկայի տիրող կացութիւնը չի կրնար շարունակուիլ եւ հրաւէր ուղղուած է թրքական բանակին, «Սթրովիլիա» շրջանին մէջ վերադառնալու նախ քան 2000 թուականի կացութեան։

Վերջնական նախագիծը Բրիտանիոյ առաջարկած նախնականին բաղդատմամբ ակնյայտ կերպով բարելուուած էր, նկատի ունենալով, որ Կիպրոսի համար անցանկալի դրոյթներուն մեծամասնութիւնը վերցուած էր։

«« վերադարձ ««