Մեր նպատակը գրաւման վերջ տալ ու կղցին վերամիացնելն է, յայտարարեց կառավարական բանբեր Ստեֆանոս Ստեֆանու
Կառավարական բանբեր Ստեֆանոս Ստեֆանու յայտնեց, թէ Օրըմզ ամոլին պարագան ու Բրիտանիոյ բարձրագոյն դատարանի որոշումը ցոյց կու տան, թէ գրաւումն ու փաստացի բաժանումը ո՛չ կիպրայոյներուն, ո՛չ ալ կիպրաթուրքերուն համար նպաստաւոր է։
Նապագահական Պալատին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադառնալով այս կապակցութեամբ Մեհմէտ Ալի Թալաթի յայտարարութիւն-ներուն, Պրն. Ստեֆանու ըսաւ, թէ «Հակնալի պատճառներով, Օրըմզ դատին կապակցութեամբ յայտարարութիւնները պէտք է զուսպ ըլլան, ինչպէս ընդգծած է նաեւ Ափոսթոլիտիս ընտանիքի փաստաբանը՝ Պրն. Քանտունաս»։
Կարեւոր է ցոյց տալ, շարունակեց ան, «թէ Կիպրայոյներն ու կիպրաթուրքերը իրենց ներկան ու ապագան կրնան ապահովել միայն կիպրական հարցին համապարփակ լուծումի մը միջոցաւ, որ վերջ պիտի դնէ գրաւման ու վերամիացնէ երկիրը, ժողովուրդը, կառոյցներն ու տնտեսութիւնը»։
«Այս է մեր նպատակը, որու իրագործման համար պիտի շարունակենք աշխատիլ ու պայքարիլ», շեշտեց Պրն. Ստեֆանու։




