«Նախագահ Խրիսթոֆիաս Կիպրական Հարցին Նկատմամբ Ամբողջական Ռազմավարութիւն Ունի», Կ'ըսէ Ստեֆանու

Կառավարական բանբեր Ստեֆանոս Ստեֆանու յայտարարեց, թէ նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս կիպրական հարցին նկատմամբ մշակած է ամբողջական ռազմավարութիւն, որ կը վերաբերի թէ՛ միջ-համայնքային բանակցութիւններուն, թէ՛ միջազգային յարաբերութիւններու զարգացման, որպէսզի կարելի ըլլայ նախապայմաններ ստեղծել Թուրքիոյ վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնել եւ ճամբայ բանալ դէպի լուծում։
«Կիպրական հարցի լուծումին չենք հասած, որովհետեւ թրքական կողմը իր կեցուածքով թոյլ չի տար, սակայն այդ չի կրնար նսեմացնել նախագահ Խրիսթոֆիասի կիրարկած քաղաքականութեան բացայայտ արդիւնքները», նշեց ան։
Պրն. Ստեֆանու շարունակեց ըսելով, թէ «Չորս տարի կիպրական հարցը անշարժութեան մատնուած էր։ Միջազգային կազմակերպութիւններն ու միջազգային համայնքը հետաքրքրուած չէին կիպրական հարցի լուծումով։ Միայն 21 օրուայ մէջ նախագահը շարժման մէջ դրաւ գործընթացը եւ այդ օրէն սկսան բանակցութիւնները որոնք մինչեւ օրս կը շարունակուին»։


