Share
Յունուար 20, 2010 Տպագրում

Թուրքիա Կը Դժգոհի Սահմանադրական Դատարանի Վերապահումէն

Թուրքիա Կը Դժգոհի Սահմանադրական Դատարանի Վերապահումէն

ԵՐԵՒԱՆ, ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Երեքշաբթի, 19 Յունուարին, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը արտայայտած է իր դժգոհութիւնը անցեալ Երեքշաբթի օր Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի (ՍԴ) որոշումին մասին, յատկապէս՝ սոյն որոշումին մէջ տեղ գտած վերապահումներուն վերաբերեալ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ՝ «Ներկայ դրութեամբ հրապարակուած է այդ (Սահմանական դատարանի-Խմբ.) որոշման ամբողջական բնագիրը, ուր նախապայմաններ պարունակող, ինչպէս նաեւ արձանագրութիւններու ոգիին եւ բովանդակութեան հակասող դրոյթներ յայտնաբերուած են: Տուեալ որոշումը հարցականի տակ կը դնէ արձանագրութիւններու քննարկման անհրաժեշտութիւնը եւ կը խոչընդոտէ հասնելու այդ փաստաթուղթերու հիմնական նպատակին: Նման մօտեցում ընդունելի չէ: Ինչպէս միշտ, ցուցադրելով, թէ ան կը հետեւի միջազգային պարտաւորութիւններուն, Թուրքիան անգամ մը եւս կը յայտարարէ նշուած արձանագրութիւններու դրոյթներուն հաւատարիմ մնալուն մասին: Նման հաւատարմութիւն կ'ակնկալենք նաեւ Հայաստանէն»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Հանրային հեռատեսիլի (Հ1) «Հայ Լուր» լրատուական ծառայութեան լրագրողին՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան նշեալ հաղորդագրութեան մասին տուած հարցումին պատասխանելով՝ յայտնած է. «Ես մտադիր եմ կապուել իմ գործընկերոջ՝ պարոն Տաւութօղլուի հետ՝ տարակուսանքս յայտնելու եւ պարզելու, թէ ՀՀ Սահմանադրական դատարանի որոշման մէջ թուրքական կողմը որտե՞ղ է տեսել նախապայմաններ եւ ինչո՞վ է այն հակասում արձանագրութիւնների հիմնարար նպատակին: Յոյսով եմ, որ նման յայտարարութեամբ թուրքական կողմը չի փորձում արդարացնել իր կողմից նախապայմաններ առաջադրելու շարունակական փորձերը եւ քօղարկել արձանագրութիւնների վաւերացման գործընթացի անհարկի ձգձգումը»:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի գրասենեակի վարիչ Կիրօ Մանոյեան, անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ «Թերթ» լրատու ծառայութեան թղթակիցին յայտնած է, թէ «Թուրքիայի արտգործնախարարութիւնն իսկապէս հասկացել է Հայաստանի հանրապետութեան Սահմանադրական դատարանի որոշումը եւ իր այս կեցուածքով, փաստօրէն, հասկացնում է, որ Արձանագրութիւններն այնպէս, ինչպէս Հայաստանն է հասկանում, ինքն այդպէս չի հասկանում: Աւելին, Թուրքիան իր այս յայտարարութեամբ ցոյց է տալիս, որ ոչ միայն Արձանագրութիւնները չի ընկալում Հայաստանի նման, այլ իր համար անընդունելի է Արձանագրութիւնների ընկալման՝ Հայաստանի ձեւը»:

Դաշնակցական գործիչը շեշտած է նաեւ, որ Թուրքիոյ այս յայտարարութենէն ետք Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք չէ Հայաստանի ՍԴ-ի որոշումը նսեմացնելու քայլեր կատարեն:

«Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ՀՀ ՍԴ որոշումը նսեմացնելու ուղղութեամբ քայլեր չկատարեն: Այսինքն, Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է շարունակեն իրենց քայլերը՝ ՍԴ որոշմանը համահունչ», յայտնած է Մանոյեան:

«Հիւրրիյէթ» թերթը Երեքշաբթի օր, թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ վկայակոչելով՝ յայտնած է, թէ Թուրքիոյ համար անընդունելի է Սահմանադրական դատարանին որոշման այն կէտը, որ հիմնուելով Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրի 11-րդ պարբերութեան վրայ՝ կ'ընդգծէ Հայկական Ցեղասպանութեան փաստին հանդէպ որեւէ կասկած անընդունելի ըլլալը:

Անգարան նաեւ անհանգստացած է Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի վճիռին չորրորդ կէտէն, ուր կը նշուի, թէ՝ «Զոյգ արձանագրութիւններով ստանձնուող փոխադարձ պարտաւորութիւնները՝ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներին համապատասխան, ունեն բացառապէս երկկողմանի միջպետական բնոյթ եւ չեն կարող վերաբերել ու տարաբնոյթ յղումներով վերագրուել որեւէ երրորդ կողմի կամ վերջինիս հետ սոյն արձանագրութիւններն ստորագրած կողմերի փոխյարաբերութիւններին»:

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker