Add to Google
Օգոստոս 2010
Share
Յունուար 28, 2010 Տպագրում

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Կիպրոս կը հասնի Կիրակի 31 Յունուարին

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Կիպրոս կը հասնի Կիրակի 31 Յունուարին

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մուն վերջնականապէս Կիպրոս պիտի գայ այս Կիրակի ու մնայ մինչեւ Երեքշաբթի, 2 Փետրուար։

Պրն. Մունի ներկայացուցիչին կողմէ տրուած գրաւոր յայատարարութեամբ մը կը ճշդուի, թէ Ընդհանուր Քարտուղարի այցելութեան նպատակը՝ երկու ղեկավարներուն ջանքերուն անձնապէս զօրակցիլ ու զանոնք քաջալերել է։

Կը նշուի նաեւ, թէ Պան Քի Մուն խօսակցութիւններ պիտի ունենայ երկու ղեկավարներուն եւ իր յատուկ խորհրդականին հետ, որոնք պիտի կեդրոնանան բանակցութիւններու առաջընթացին վրայ ու ձեւեր որոնեն՝ Միացեալ Ազգերու օժանդակութիւնը աւելի արդիւնաւորելու համար։

Միացեալ Ազգերը, կ'աւելցուի, երկու ղեկավարներուն ջանքերուն օժանդակելու յանձնառութեան տակ կը գտնուին իսկ միջազգային համայնքը Կիպրոսի նկատմամբ անսահման բարի կամեցողութիւն ունի եւ զօրաւոր հետաքրքրութիւն՝ կիպրական հարցին լուծում մը գտնուելուն մէջ։

«« վերադարձ ««
Powered by Webnaz Pagemaker