ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Կիպրոս պիտի գայ
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մուն Յունուար 31-ին Կիպրոս պիտի ժամանէ ու հանդիպումներ ունենայ երկու համայնքներոեւ ղեկավարներուն հետ։
Դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն, մինչայդ յստակ դարձած պիտի ըլլայ այցելութեան նպատակը, այսինքն՝ եթէ բանակցութիւններու ներկայ փուլը կառավարման ոլորտին կապակցութեամբ համախոհութեան յանգի, այն ատեն յաջողութիւնը պիտի յայտարարուի Պրն. Մունի եւ երկու ղեկավարներուն կողմէ։
Կ'ակնկալուի տակաւին, թէ Ընդհանուր Քարտուղարը կիպրական հարցի բանակցութիւններուն նկատմամբ իր զօրակցութիւնը հրապարակային կերպով պիտի արտայայտէ, պիտի ողջունէ ցարդ արձանագրուած յառաջդիմութիւնը, ճկունութիւն եւ փոխըմբռնում ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը պիտի ընդգծէ եւ պիտի շեշտէ, թէ մինչեւ կիպրաթրքական ընտրութիւններուն թուականը, բանակցութիւններուն տրուելիք դադարը պէտք է արդիւնաւոր կերպով օգտագործուի, որպէսզի բանակցութիւններու ուժականութիւնը պահպանուի։
Ստոյգ կը համարուի նաեւ, թէ Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մուն բանակցութիւններու գործընթացին մէջ որեւէ միջամտութիւն պիտի չընէ եւ այս կապակցութեամբ Յատուկ Խորհրդական Պրն. Տաունըր արդէն տեղեակ պահած է երկու համայնքներու ղեկավարները։




