ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Նոյեմբեր 29, 2010 Տպագրում

Միացեալ Ազգերը Աւելին Կ'ակնկալեն Երկու Կողմերէն

Միացեալ Ազգերը Աւելին Կակնկալեն Երկու Կողմերէն

Միացեալ Ազգերու Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մունի տեղեկագիրը խիստ յանձնարարականներ կ'ուղղէ երկու ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ երկու համայնքներու քաղաքական ուժերուն։

Ան ղեկավարներէն կը պահանջէ քայլեր, որոնք պիտի բարելաւեն հանրային կարծիքի մթնոլորտը եւ քաղաքական ուժերուն կը թելադրէ աւելի կառուցողական վերաբերում ցոյց տալ եւ զօրակցիլ բանակցութեան գործընթացին։

Դժբախտաբար, կը նշէ Ընդհանուր Քարտուղարը, հասարակութեան ստացած միակ տեղեկութիւնները մամուլին ձեռք ձգած որոշ փաստաթուղթերու հրապարակումէն կու գայ։ Հանրութիւնը մութի մէջ կը գտնուի, հետեւաբար նոյնիսկ համապարփակ լուծում մը գտնուելու պարագային ան անպատրաստ եւ անընդունակ վիճակով պիտի յայտնուի հանրաքուէի տուփին առջեւ։

Պան Քի Մուն միեւնոյն ատեն իր յուսախափութիւնը կը յայտնէ Միացեալ Ազգերու դերակատարութեան շուրջ մամուլին կողմէ տարածուող ժխտական ու անճիշդ տեղեկութիւններուն համար, որոնք միայն վնաս կրնան հասցնել գործընթացին։

Յունուարին ծրագրուած նոր հանդիպումին կապակցութեամբ Պրն. Մուն նշեց, թէ երկու կողմերը պէտք է լրիւ նախապատրաստուած ըլլան, կողմերուն անհամաձայնութիւնները յաղթահարող գործնական ծրագրով մը։ Յունաստանը եւ Թուրքիան ալ վերջապէս պէտք է իրենց օժանդակութիւնը ցուցաբերեն, որպէսզի կարելի ըլլայ դրական լուծումի մը յանգիլ։

Սեփականատիրութեան հարցին նկատմամբ, Ընդհանուր Քարտուղարը կը նշէ, թէ երկ-շրջանային, երկ-համայնքային դաշնակցութեան համար, երկու ղեկավարները այս հարցը պէտք է շաղկապեն բանակցութեան բոլոր՝ վեց գլուխներուն հետ։

Պան Քի Մուն կը յայտնէ նաեւ, թէ Ժընեւի հանդիպումէն ետք մտադիր է նոր տեղեկագիր մը յղել Ապահովութեան Խորհուրդին։

«« վերադարձ ««