«Ուիքիլիքս»ի Բացայայտումները կ'անդրադառնան նաեւ Կիպրոսին

«Ուիքիլիքս» կայքէջին բացայայտած հազարաւոր փաստաթուղթերու շարքին կան նաեւ կիպրական հարցին վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արտգործ նախարարութեան փաստաթուղթերը։
Բրիտանական «Կարտիըն» թերթին համաձայն, 20 Փետրուար 2010 թուակիր փաստաթուղթի մը մէջ կ'ըսուի, թէ Թուրքիոյ արտգործ նախարար Ֆերիտուն Սընըքլըօղլու իր ամերիկացի պաշտօնակից Ոիւլեըմ Պըռնզի յայտնած է, թէ Եւրոպական Միութեան երկիրներ, ինչպէս՝ Կիպրոս, Ֆրանսա եւ Աւստրիա կը խոչընդոտեն Թուրքիոյ անդամակցութիւնը, եւ կը դատապարտէ Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզին, խաղի օրէնքները անընդհատ փոխելուն համար։
Թուրք նախարարը ըսած է նաեւ, թէ կիպրայոյները երկու համայնքներու յարաբեորութիւնները որպէս ներքին հարց կը ներկայացնեն, մինչդեռ համաձայնութիւններու հիմամբ կիպրական հարցը 50 տարիէ ի վեր միջազգային ատեաններու առջեւ կը գտնուի։
Նոյն փաստաթուղթին համաձայն, ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Տաունըր կիպրաթուրքերուն նման յուսախափ է եւ կ'ուզէ, որ Միացեալ Ազգերը աւելի հործօն դերակատարութիւն ունենան գործընթացին նկատմամբ։


