ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ

Յունաստանի մէջ երկօրեայ ընդհանուր գործադուլը երէկ մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու, ինչպէս նաեւ համայնավար ցուցարարներու եւ այլ ցուցարարներու միջեւ բախումներու վերածուեցաւ:
Բախումները տեղի ունեցան յունական խորհրդարանին մօտ, ուր երեսփոխաններ կը պատրաստուէին տնտեսական սեղմումի նոր միջոցառումներու որդեգրման շուրջ քուէարկութիւն կատարելու:
Եօթը հազար ոստիկաններ Աթէնք տեղակայուած էին` նախատեսուած խռովարարութիւնները զսպելու համար:
Սինթակմա հրապարակին վրայ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին արձանագրուեցան վիրաւորներ եւ բռնարարքներուն ծիրը ընդլայնելով 100 հազար ցուցարարներէ բաղկացած գլխաւոր հաւաքի վայրէն տարածուեցաւ դէպի այլ շրջաններ:
Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, խումբ մը երիտասարդ ցուցարարներ են, որոնք ոստիկանութեան հետ բախում ունեցած են, իսկ աւելի տարեցները տիրող իրարանցումին պատճառով հեռացած են:


