ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Դեկտեմբեր 02, 2011 Տպագրում

«ԵՐԿԻՐՆ ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ ԱՐՏԱՑՈԼԱՑՈՒՄ` ԿԻՊՐՈՍԻ ԻՒՐԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

«ԵՐԿԻՐՆ ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ ԱՐՏԱՑՈԼԱՑՈՒՄ` ԿԻՊՐՈՍԻ ԻՒՐԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանատան միացեալ նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երկիրն ու ժողովուրդը» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսի մը բացումը:
Ներկայ էին Լիբանանի մէջ Կիպրոսի եւ Հայաստանի դեսպաններ Հոմեր Մաւրոմատիս եւ Աշոտ Քոչարեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան եւ քաղաքապետութեան անդամները, Կիպրոսի դեսպանատան առեւտրական կցորդ Կարօ Ճիկերճեան եւ հրաւիրեալներ:
Լուսանկարներուն ընդմէջէն կ՛արտացոլար Կիպրոսը` իր մշակոյթով, ժողովուրդով, տեսարժան վայրերով, բնութեամբ, աւանդութիւններով, տարազներով, կրթական ու մշակութային կեանքով:

«« վերադարձ ««