ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Նոյեմբեր 01, 2011 Տպագրում

երկօրեայ հանդիպում Նիւ Եորքի մէջ

երկօրեայ հանդիպում Նիւ Եորքի մէջ

Կիպրոսի ժամով այս առաւօտ ամբողջացան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի, նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի եւ կիպրաթուրք ղեկավար Տերւիշ Էրողլուի երկօրեայ հանդիպումը Նիւ Եորքի մէջ, Յունուարի երկ-րորդ կէսին նոյն վայրին մէջ դարձեալ հանդիպելու պայմանով։

Մինչայդ, բանակցութիւնները պիտի շարունակուին երկու ղեկավարնե-րուն եւ անոնց խորհրդականներուն ուղղակի եւ անուղղակի հանդիպում-ներով։

Այս պահուս Պան Քի Մուն երկու ղեկավարներուն հետ կը խորհրդակցի հանդիպումի արդիւնքին ու յաջորդող քայլերուն մասին եզրափակիչ յայտարարութեան շուրջ, որ ան պիտի կարդայ, իր կողքին ունենալով երկու ղեկավարները։

Նախագահ Խրիսթոֆիաս հանդիպումէն ետք պանդոկ վերադարձին չու-զեց որեւէ յայտարարութիւնն կատարել, սակայն կիպրայունական աղ-բիւրներ յայտնեցին, որ համախոհութեան նոր կէտեր չգտնուեցան, քանի Էրողլու անդրդուելի մնացած էր չորս հիմնական հարցերուն առնչու-թեամբ իր պնդումներուն մէջ։

Նոյն աղբիւրներուն համաձայն Ընդհանուր Քարտուղարին յայտարա-րութիւնը աւելի դրական կը ներկայացնէ կացութիւնը քան ինչ որ է։

«« վերադարձ ««