ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Դեկտեմբեր 09, 2011 Տպագրում

Եւրոպական Միութեան երկօրեայ գագաթաժողով

Եւրոպական Միութեան երկօրեայ գագաթաժողով

Եւրօգօտիի ապագային համար չափազանց ճակատագրական կը նկատուի Եւրոպական Միութեան երկօրեայ գագաթաժողովը, որ այսօր սկսաւ Պրիւքսէլի մէջ։
Օրակարգի վրայ է հարկերու տագնապի հարցը։ Հրամայական է, որ որոշումներ առնուին, որոնք միջազգային շուկային ա՛յն պատգամը պիտի ուղարկեն, թէ պետական բացը փակելու ընթացքը գործադրութեան հանգրուանին հասած է եւ թէ Եւրօգօտին յառաջ կը քշէ ֆինանսաւորման համար պատշաճ գործիքներ, իր անդամներուն պաշտպանութեան եւ փրկութեան համար։
Մինչ այդ, հարկեր ապահովելու արժեւորման Standard & Poor’s հաստատութիւնը, իր զգուշացումէն ետք, թէ Եւրօգօտիի 15 երկիրներու հարկեր ապահովելու արժեւորումը պիտի արժեզրկէ, յայտարարեց թէ կը քննէ Եւրօգօտիին մէջ գործող շատ մը մեծ դրամատուներու հարկեր ապահովելու արժեզրկման հաւանականութիւնը։
Standard & Poor’s-ը, չի բացառէր նաեւ այն պարագան, որ Եւրօգօտիի երկիրներու մէջ գործող այլ՝ աւելի փոքր դրամատուներ ալ դրուին ժխտական վերահսկողութեան տակ։
Հաստատութիւնը անցեալ երկուշաբթի օր ժխտական վերահսկողութեան տակ առաւ Եւրօգօտիի 15 երկիրներու, որոնց կարգին նաեւ Գերմանիա, Աւստրիա, Ֆինլանտա, Ֆրանսա, Լիւքսեմպուրկ անդ Հոլանտա, այսինքն 6 երկիրներըմ որոնք AAA արժեւորում կը կրեն։

«« վերադարձ ««