Եւրոմիութեան Նախագահութեան Եռեակի Նիստը

Եւրոպական Միութեան յաջորդ երեք նախագահող երկիրները երէկ Նիկոսիոյ մէջ համաձայնութիւն գոյացուցին նախագահութեան աշխատանքային ծրագրին շուրջ։
Լեհաստանի, Դանիոյ եւ Կիպրոսի համակարգողները սկզբունքային համաձայնութիւն կնքեցին յաջորդ 18 ամսուայ ծրագրին շուրջ, որ երեք երկիրներու ազգային կառոյցներուն կողմէ հաստատուելէ ետք, պէտք է վաւերացուի նաեւ Եւրոմիութեան անդամ պետութիւններուն կողմէ, յունիսին կայանալիք Ընդհանուր Հարցերու Խորհուրդին կողմէ։
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, երեք պատուիրակութիւններուն ղեկավարները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին, ամբողջ տարի մը տեւած սահուն եւ արդիւնաւոր աշխատանքին համար։
Եւրոմիութեան նախագահութեան եռեակը՝ Լեհաստան-Դանիա-Կիպրոս, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահութիւնը պիտի վարէ 2011-ի յուլիս 1-էն մինչեւ 2012-ի վերջաւորութիւնը։ Եւրոպական Միութեան անդամակցութենէն ի վեր առաջին անգամն է, որ Կիպրոս պիտի ստանձնէ կառոյցի նախագահութիւնը, 2012-ի երկրորդ կէսին։


