Դեկտեմբեր 09, 2011

«« վերադարձ ««
Նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս երէկ մեկնեցաւ Պրիւքսել

Նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս երէկ մեկնեցաւ Պրիւքսել, մասնակցելու Եւրոպական Խորհուրդին համար ճակատագրական գագաթնաժողովին, որ խիստ կարեւոր կը նկատուի Եւրոգօտիի ապագային համար եւ ուր տնտե-սական հարցերը քննարկումներուն հիմնական բաժինը պիտի կազմեն:
Կ՛ակնկալուի, որ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները տեսակէտներ փո-խանակեն դրամավարկային կարգապահութեան բարելաւման, տնտեսա-կան միաւորումի խորացման եւ Դաշնագրին մէջ որոշ բարեփոխումներ կա-տարելու մասին եւրոգօտիի անդամ պետութիւններու մտածումներուն շուրջ:
Եւրոպական Խորհուրդի նիստին առընթեր պիտի ստորագրուի նաեւ Խրուաթիոյ միացման համաձայնագիրը:


