ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Դեկտեմբեր 19, 2011 Տպագրում

Նոր դէմքեր քաղաքական բեմին վրայ

Նոր դէմքեր քաղաքական բեմին վրայ

Երէկ տեղի ունեցած տեղական կառավարման ընտրութիւնները նոր դէմքեր բերին քաղաքական բեմին վրայ: Նիկոսիոյ, Լառնաքայի եւ Կերինիոյ մէջ ընտրուեցան նոր քաղաքապետեր:

Նիկոսիոյ նորընտիր քաղաքապետը՝ Կոստանդինոս Եորկաճիս քաղաքը բարելաւելու իր յանձնառութիւնը հաստատեց, հրաւիրելով բոլոր քաղաքացիները գործակցութեան: "Մենք կրնանք քաղաքին ժխտական ընթացքը փոխելե, յայտարարեց ան աւելցնելով, թէ ինք լրջօրէն պիտի աշխատի այս ծրագրի իրագործման համար":

Լիմասոլի վերընտրուած քաղաքապետ Անտրէաս Խրիսթու յայտարարեց, թէ շնորհաւորութիւնները պէտք է յղուին քաղաքին ու քաղաքացի-ներուն, "որոնք կրցան իրենց ընտրութիւնը կատարել յստակ ու աներկբայօրէն" ըսաւ ան:

Լառնաքայի քաղաքապետ ընտրուեցաւ Անտրէաս Լուրուճիատիս, իսկ Պաֆոսի քաղաքապետ վերընտրուեցաւ Սաւաս Վերղաս: Նոր դէմքեր յայտնուեցան նաեւ այլ քաղաքներու մէջ. Ստրովոլոսի քաղաքապետ՝ Լազարոս Սաւիտիս, Աղլանճայի՝ Կոստաս Կորտաս, Կերինիոյ՝ Ղլաֆկոս Կարիյոլու:

Ֆամակուստայի քաղաքապետ վերընտրուեցաւ Ալեքսիս Ղալանոս, առանց ընդդիմադիր թեկնածուի:

Տեղական կառավարման ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը նուազ էր քան 2006-ի ընտրութիւնները, ըսաւ ընտրութիւններու ընդհանուր պատասխանատու Անտրէաս Աշշոտիս:

Ընդհանուր առմամբ, մասնակցութեան տոկոսը ըստ ընտրական շրջան-ներու, կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.

Նիկոսիա՝ 66% փոխան 82%-ի, Լիմասոլ՝ 65% փոխան 86%-ի, Ֆամա-կուստա՝ 80% փոխան 87%-ի, Լառնաքա՝ 71% փոխան 87%-ի, Պաֆոս՝ 83% փոխան 86%-ի:

Աշշոտիս յայտնեց, թէ մասնակցութիւնը զգալիօրէն ցած էր բոլոր շըր-ջաններուն մէջ բացի Պաֆոսէն, իսկ Նիկոսիոյ եւ Լիմասոլի մէջ՝ չափա-զանց ցած:Կուսակցութիւններու ղեկավարները իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին տեղական կառավարման ընտրութիւններէն բացակայութեան բարձր ցուցանիշներուն համար, որ միջին հաշուով 33% էր:

Ընդդիմադիր ՏԻՍԻ-ի նախագահ Նիկոս Անաստասիատիս նշեց, թէ ընտրութիւններուն արդիւնքները դծգոհութեան յստակ յուշում մը կը ղրկեն կառավարութեան եւ միեւնոյն ատեն կ՛արդարացնեն իր կուսակցութեան վարած քաղաքականութիւնը:

Իշխող ԱԿԷԼ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Անտրոս Կիպրիանու յայտարարեց, թէ ընտրութիւնը ցոյց տուաւ, որ ժողովուրդը մեր-ժեց ԱԿԷԼ-ը լուսանցքայնացնելու բոլոր ճիգերը, քանի այս ընտրութիւն-ներուն կուսակցութիւնը բարելաւեց իր դիրքը 2006-ի բաղդատմամբ:

ՏԻԿՕ-ի նախագահ Մարիոս Կարոյեան ըսաւ, թէ տեղական կառավարման ընտրութիւններուն արդիւնքները կարելի չէ նախագահական ընտրութիւններու նախաբանը նկատել աւելցնելով, որ ինք մտահոգ էր բացակայութեան տոկոսով, որ կուսակցական համարտութիւններու դէմ դժգոհութեան նշան մըն էր:

Իսկ Ներկայացուցիչներու Տան եւ ԷՏԷՔ կուսակցութեան նախագահ Եաննակիս Օմիրու գոհունակութիւն յայտնեց՝ իր կուսակցութեան թեկնածուներուն նկատամմբ քաղաքացիներու ցուցաբերած վստահութեան համար:

 

«« վերադարձ ««