ARMENIAN ENGLISH
A- A A+

ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ

Ապրիլ 2012

Ապրիլ 2012

Յունուար 31, 2012 Տպագրում

Կիպրոսի կարավարութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց սկզբունքային այն Jստակ դիրքորոշման համար

Կիպրոսի կարավարութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց սկզբունքային այն Jստակ դիրքորոշման համար

Կիպրոսի կարավարութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց սկզբունքային այն Jստակ դիրքորոշման համար, որ անգամ մը եւս ցոյց տուաւ Ռուսիա ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած Նիւ Եորքի եռեակ հանդիպումի արդիւնքի լոյսին տակ:

Կառավարական բանբեր Ստեֆանոս Ստեֆանու գրաւոր հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, թէ "Ռուսիոյ հստակ դիրքորոշումը մնայուն ապացոյց մըն է այն սկզբունքային կեցուածքին, որ Մոսկուա ունի կիպրական հարցին նկատմամբե:"

"Ռուսիոյ կեցուածքը շատ կարեւոր է, քանի ան կ՛արտայայտուի Ապահովու-թեան Խորհուրդի մնայուն անդամ պետութեան մը կողմէ եւ կ՛ընդգծէ ՄԱԿ-ի որոշումներուն՝ բոլորին կողմէ յարգուելուն եւ գործադրուելուն անհրաժեշտութիւնըե" ըսաւ ան:

Ստեֆանու աւելցուց, թէ կառավարութիւնը գոհունակութեամբ կը նշէ, որ նման դիրքորոշումներ ընդունուած են նաեւ Ապահովութեան Խորհուրդի մնայուն անդամներ Ֆրանսայի եւ Չինաստանի կողմէ, ինչպէս նաեւ ոչմնայուն մի քանի անդամներու կողմէ:

Կարավարական բանբերը նշեց, թէ միայն Կիպրոսի վերաբերեալ Ապահովութեան Խորհուրդի որոշումներու գործադրութեամբ է, որ արդար, մնայուն եւ յուսալի լուծում մը կրնայ գտնուիլ կիպրական հարցին: Այդպիսի լուծում մը վերջ պիտի տայ Կիպրոսի թրքական գրաւման ու վերամիացնէ երկիրը երկհամայնքային, երկշրջանային, դաշնակցային կառոյցով ու քաղաքական հաւասարութեամբ, ինչպէս սահմանուած է Ապահովութեան Խորհուրդի որոշումներով:

"Լուծում մը, որուն արդիւնքը պիտի ըլլայ մէկ պետութիւն, մէկ ու միակ գերիշխանութիւն, մէկ հպատակութիւն եւ մէկ միջազգային ինքնութիւնե" ըսաւ Ստեֆանու աւելցնելով, թէ նախագահ Տիմիթրիս Խրիստոֆիաս այս նպատակը հետապնդած է նախագահական պաշտօնը ստանձնած օրէն:

Մանրամասնօրէն անդրադառնալով Ռուսիոյ արտգործ նախարարութեան յայտարարութեան, կառավարական բանբեր Ստեֆանոս Ստեֆանու նշեց, թէ յայտարարութիւնը կը շեշտէ, որ կիպրական հարցին լուծումը պէտք է հիմնըւած ըլլայ Ապահովութեան Խորհուրդի որոշումներուն վրայ եւ արդիւնքը ըլլայ երկու կողմերու միջեւ բանակցութիւննոերու, երկուստէք ընդունելի, առանց միջնորդութեան, ժամկէտներու կամ գործընթացի արագացման:

Ստեֆանու ըսաւ, թէ Ռուսիոյ արտգործ նախարարութիւնը կը մերժէ ժամկէտներու պարտադրումը, բանակցութիւնները կապելով Եւրոպական Միութեան նախագահութեան Կիպրոսի կողմէ ատանձնումին հետ՝ 2012-ի երկ-րորդ կէսին:

Ստեֆանու նշեց նաեւ, թէ Ռուսիոյ արտգործ նախարարութիւնը ունի այն տեսակէտը, որ կիպրական հարցին շուրջ միջազգային խորհրդաժողով կրնայ հրաւիրուիլ երբ հարցի ներքին ոլորտներուն շուրջ համաձայնութիւյն գոյանայ, ինչպէս սահմանուած է Ապահովութեան Խորհուրդի որոշումներով:

Եզրակացնելով, Ստեֆանու ըսաւ, թէ Ռուսիոյ արտգործ նախարարութիւնը կը նշէ, որ ներկայիս լուծում մը չգտնուելու պարագային, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը պէտք է շարունակէ իր բարի ծառայութիւններ տրամադրելու առաքելութիւնը:

«« վերադարձ ««